Հայաստանի կառավարութեան որոշումով, Երեւանի Ներքին Չարբախի շրջանին մէջ գտնուող «Մարզական աշխարհ» հիմնադրամի սեփականութիւնը հանդիսացող հողի տարածքին մէջ պիտի կառուցուի նոր մարզահամալիր:
Հայաստանի մէջ մարզաշխարհի զարգացման, մասնաւորապէս կռփամարտի զարգացման նպատակով, Արթուր Աբրահամի անուան մարզահամալիր պիտի կառուցուի:
Նոր, ժամանակակից մարզահամալիրին կառուցումը շրջանին մէջ բնակող երեխաներուն համար պիտի ստեղծէ մարզաշխարհով զբաղելու կարելիութիւն: