Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Չելսիի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ շատ հաւանաբար վերադառնայ Պարսելոնա:
Թէեւ կապոնցին կը փափաքի վերադառնալ Պարսելոնա, սակայն նկատի ունենալով, որ քաթալոնական ակումբը նիւթական որոշ դժուարութիւններ ունի, անոր այդ փոխանցումը կրնայ չկատարուիլ:
Լոնտոնեան ակումբը յառաջիկայ տարեշրջանին իր կազմին մէջ պահելու նպատակ չունի 33 տարեկան ֆութպոլիստը, թէեւ անոր պայմանագրութիւնը կ՛երկարի մինչեւ 30 յունիս 2024: