Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին մեկնարկը տրուեցաւ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «ԵՒՐՕ-2024»-ի մրցաշարքին, երբ կատարուեցան զտումի բազմաթիւ մրցումներ:
Շաբաթ, 25 մարտին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Թուրքիա մրցումը (Դ. խմբակ) աւարտեցաւ հայրենի կազմին պարտութեամբ` 2-1 արդիւնքով:
10-րդ վայրկեանին ղազախական Ասթանային մաս կազմող յետսապահ Կամօ Յովհաննիսեանի փոխանցումէն ետք, գերմանական Հոֆընհայմի յետսապահ Օզան Քապաք գնդակը սխալմամբ զետեղեց իր բերդին մէջ:
Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ, երբ Ֆէյէնուրտ Ռոթերտամի (Նետերլանտներ) միջնապահ Էօրքուն Քէօքչիւ նշանակեց Թուրքիոյ կոլը (34-րդ):
Իսկ 64-րդ վայրկեանին թրքական Կալաթասարայի յառաջապահ Քերիմ Աքթուրքօղլու նշանակեց Թուրքիոյ յաղթանակի կոլը:
Նշենք, որ մրցումին ազդանշանին տրուելէն քանի մը ժամ առաջ, հայրենի համակիրները արդէն իսկ ամբողջութեամբ լեցուցած էին մարզադաշտը:
Ուքրանացի Օլեքսանտր Փեթրաքովի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, զտումի իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ ուրբաթ, 16 յունիսին, երբ Քարտիֆի մէջ հիւրը կ՛ըլլայ Կալեսի:
Բ. խմբակին մաս կազմող Ֆրանսա տպաւորիչ յաղթանակով մը սկսաւ մրցաշարքը, երբ «Սթատ տը Ֆրանս»-ի իր մարզադաշտին մէջ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Նետերլանտները:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Անթուան Կրիզման (2-րդ), Տայոթ Ուփամենքօ (8-րդ) եւ խմբապետ Քիլիան Էմպափէ (21-րդ եւ 88-րդ):
60 տարուան մէջ Նետերլանտներ երկրորդ անգամ ըլլալով 4-0 արդիւնքով պարտուեցան ֆրանսացիներէն. 2017-ին նոյն վայրին մէջ Ֆրանսա նոյն արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Պելճիքա (Զ. խմբակ), որ հիւրը եղաւ Շուէտի, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ռոմելու Լուքաքու հեթրիք մը իրագործեց (35-րդ, 49-րդ եւ 82-րդ):
Նոյն խմբակին մէջ, Աւստրիա, որ հիւրընկալեց Ազրպէյճանը, անոր դէմ արձանագրեց 4-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը` իր կոլերը նշանակելով 27-րդ, 29-րդ, 50-րդ եւ 69-րդ վայրկեաններուն:
Գ. խմբակին մէջ, Անգլիա արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, մինչ Իտալիա` առաջինը:
Հերի Քէյնի (37-րդ) եւ Պուքայօ Սաքայի (40-րդ) նշանակած կոլերուն շնորհիւ, Անգլիա 2-0 արդիւնքով յաղթեց Ուքրանիոյ:
Նոյն արդիւնքով Իտալիա իր յաղթանակը արձանագրեց Մալթայի դէմ:
Անգլիոյ նման իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց նաեւ Փորթուգալ (Է. խմբակ), որ 6-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Լիւքսամպուրկի դաշտէն:
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց Փորթուգալի կոլերէն երկուքը (9-րդ եւ 31-րդ):
Այսպիսով, Փորթուգալ իր կատարած երկու մրցումներուն ընթացքին նշանակեց 10 կոլ:
Առաջինին անիկա արձանագրած էր 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, երբ Ռոնալտօ դարձեալ տուպլէ մը իրագործած էր:
Բաւական հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Սպանիա 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նորվեկիան (Ա. խմբակ), մինչ Ը. խմբակին մէջ Ղազախստան արձանագրեց մեծ անակնկալ մը, երբ 3-2 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Դանիոյ:


