Սպանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող խումբերէն Սեւիլլայի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Խոսէ Լուիս Մենտիլիպար նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ:
62 տարեկան սպանացի մասնագէտին պայմանագրութիւնը նկատի առնուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Նախքան անոր այս նշանակումը, Սեւիլլա յայտարարած էր Խորխէ Սամփաոլիի պաշտօնանկ ըլլալուն մասին:
Մենտիլիպարի վերջին խումբը հանդիսացաւ Ալաւեսը, ուրկէ ան հեռացաւ նախորդ ապրիլին:
Անցեալին ան եղած է նաեւ Էյպարի, Լեւանթէի, Օսասունայի, Աթլեթիք Պիլպաոյի եւ Ռէալ Վայատոլիտի մարզիչ:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 2022-2023 տարեշրջանի 26-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Սեւիլլա այժմ 28 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը: