«Փրեմիեր Լիկ»-ի խումբերէն Քրիսթալ Փալասի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ռոյ Հաճսըն վերադարձաւ ակումբ` դարձեալ ստանձնելով գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը:
75 տարեկան Հաճսըն իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Հաճսըն, որ այսպիսով փոխարինեց ֆրանսացի Փաթրիք Վիէյրան, նախապէս 2017-էն 2021 եղած է Փալասի մարզիչը:
Այսպիսով, Հաճսըն դարձաւ «Փրեմիեր Լիկ»-ի պատմութեան ամէնէն տարիքոտ մարզիչը` գերազանցելով Ուաթֆորտի հետ նախորդ տարեշրջանին իր իսկ հաստատած մրցանիշը: