Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ մարմնամարզութեան միջազգային ֆետերասիոնը պարգեւատրեց Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ, միջազգային կարգի իրաւարար Յակոբ Սերոբեանը:
Երկար տարիներու վրայ իր ունեցած իրաւարարի վաստակին համար Յակոբ Սերոբեան պարգեւատրուեցաւ «Ոսկեայ վկայագիր»-ով: