Ամերիկեան մարզական մամուլին համաձայն, սերպ Նովաք Ճոքովիչին արտօնուեցաւ մասնակցիլ «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի թենիսի 2023-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին:
Նշուեցաւ, որ ամերիկեան կառավարութիւնը արտօնեց «Քորոնա» ժահրին դէմ չպատուաստուած մարզիկներուն մրցաշարքին մասնակցիլ:
Այդ մարզիկներուն կարգին է 22 կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքերու տիտղոսակիր Ճոքովիչ:
Նոյն այս պատճառով ան բացակայած էր 2022-ին տեղի ունեցած «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-էն, ինչպէս նաեւ` «Ինտիըն Ուէյլզ»-ի եւ Մայեմիի մրցաշարքերէն: