Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Աշոտ Մարգարեան 96 քկ դասակարգին մէջ երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 300 քկ արդիւնք մը (137 եւ 163), տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Իր կարգին, պրոնզէ մետալի տիրացաւ Աննա Ամրոյեան, որ 76 քկ դասակարգի երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 204 քկ (88 եւ 116):
Նշենք, որ Հայաստանի համար առաջին ոսկի մետալին տիրացած էր Սերեոժա Բարսեղեան, 67 քկ դասակարգի մրցումներուն:
Տղոց կազմը իր մրցումները կը կատարէ մարզիչներ Երուանդ Կիրակոսեանի եւ Յարութիւն Եղոյեանի գլխաւորութեամբ, իսկ աղջկանց կազմը` Տարօն Թովմասեանի գլխաւորութեամբ: