Իտալական Ա. Էս. Ռոմայի եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի 29 տարեկան յառաջապահ Փաուլօ Տիպալա մտադիր է գալիք ամրան ընթացքին հեռանալ իր ակումբէն, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ ան չի փափաքիր իր համագործակցութիւնը շարունակել փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի հետ, ինչպէս նաեւ միեւնոյն ժամանակ կ՛ուզէ իր մասնակցութիւնը բերել «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:
Ներկայիս Փաուլօ Տիպալայով, որուն հրաժարագինը կը կազմէ 12 միլիոն եւրօ, հետաքրքրուած է Ա. Սէ. Միլան: