Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Շիրակ խումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին մարզադաշտը օժտուեցաւ նոր, ժամանակակից լուսատախտակով:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ.
«Ակումբին համակիրներուն համար մեր կողմէ այս մէկը բնականաբար հաճելի անակնկալ մըն է:
Մեր դաշտին վրայ կատարելիք բոլոր մրցումներուն ընթացքին, համակիրները առիթը պիտի ունենան ոչ միայն մրցումի մը ուղղակի հետեւելու, այլեւ դիտելու կրկնապատկերները:
Այս բոլորը վայելելու համար, մեր համակիրներուն կոչ կ՛ուղղենք գալու եւ քաջալերելու իրենց կազմը»: