Մոնթենեկրոյի Փեթրովաց քաղաքին մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները:
Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց Աննա Սարգսեան, որ ապահովելով 7,5 կէտ գրաւեց դասաւորման 10-րդ դիրքը:
Աննա Սարգսեան, որ իր կատարած վերջին մրցումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց, պիտի ստանայ 1857 եւրօ պարգեւավճար:
Ան կէտով մը միայն ետ մնաց ախոյեան հանդիսացած վրացի Մերի Արապիցիէն, որ լրացուցիչ ցուցանիշով գերազանցեց նոյն արդիւնքին հասած լեհ Օլիվիա Քիոլպասան:
Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան, որոնք ապահովեցին 7-ական կէտ, յաջորդաբար գրաւեցին 14-րդ եւ 21-րդ դիրքերը:
6,5 կէտով 30-րդ դիրքը գրաւեց Մարիամ Մկրտչեան:
Սուսաննա Գաբոյեան 5,5 կէտով գրաւեց 65-րդ դիրքը, իսկ Փոլինա Քոպաք 5 կէտով` 84-րդ դիրքը:


