Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 1 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ) տեղի կ՛ունենայ Պիպլոս-Մարիսթ մրցումը:
Այս մրցումը ժիպէյլեան խումբին համար պիտի ըլլայ վերջինը Ա. դասակարգին մէջ` նկատի ունենալով, որ անիկա յառաջիկայ տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ Բ. դասակարգին, գրաւելէ ետք ընդհանուր դասաւորման 12-րդ եւ վերջին դիրքը:
Պիպլոս այս տարեշրջանին ցարդ արձանագրած է միայն երկու յաղթանակ եւ կրած 19 պարտութիւն:
Այս հանգրուանի ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 2 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Մանարայի դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին Ռիատի Պէյրութ կը հիւրընկալէ Պէյրութը:


