Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականի յառաջատար Գաբրիէլ Սարգսեան ունեցաւ յաջող ելոյթ մը Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենդի մէջ կատարուած Ռուստամ Քասիմճանովի անուան բաժակի մրցաշարքին:
Շրջանաձեւ դրութեամբ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին, հայրենի կրանտմասթըրը, առաւելագոյն 9 կէտէն 5,5 կէտ ապահովելով տասը մասնակիցներուն մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը:
Ան կէտով մը միայն զիջեցաւ տիտղոսին տիրացած սերպ Ալեքսանտր Ինճիչէն, որ լրացուցիչ ցուցանիշով գերազանցեց նոյն արդիւնքը ձեռք ձգած ուզպեք Օրտիկ Նիկմատովը:
Գաբրիէլ Սարգսեան արձանագրեց երեք յաղթանակ, հինգ հաւասարութիւն, մինչ իր միակ պարտութիւնը կրեց 5-րդ հանգրուանին, Օրտիկ Նիկմատովէն: