Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ 16-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող Մայեմիի «Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքին, քառորդ աւարտականի մրցումներուն 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց արժանթինցի Ֆրանչիսքօ Սերունտոլոյի դէմ, որ դասուած է 31-րդ:
Կիսաւարտականի մրցումներուն, Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ 5-րդ դասուած ռուս Տանիիլ Մետվետեւ, որ 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթեց ամերիկացի Քրիսթոֆըր Իւպանքսին:
Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 8,8 միլիոն ամերիկեան տոլար: