Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Տինամիք Խումբը 103-94 Արդիւնքով Յաղթելով Անդրանիկ Պէյրութին` Մեծ Եւ Հաստատ Քայլերով Ապահովեց Ֆայնըլ Ֆորի Մրցումներուն Իր Տոմսը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի երթուդարձի մրցումները երէկ երեկոյեան հասան իրենց աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի վերջին ճակատումը` ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Անդրանիկ Պէյրութի միջեւ: Նախքան մրցումին անդրադառնալը, ՀՄԸՄ-ի համակիրներն ու խումբ մը ճեմարանական աշակերտներ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աշակերտ Նժդեհ Մերտխանեանի յիշատակը` անոր լուսանկարը բռնած պաստառի մը...




















