Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ «ՖԻՖԱ»-ն յայտարարեց, որ Ինտոնեզիա զրկուեցաւ 2023-ի 20 տարեկանէն վար աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու իրաւունքէն:
Այս որոշումը հրապարակուեցաւ, երբ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ հանդիպում մը ունեցաւ Ինտոնեզիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Էրիք Թոհիրի հետ:
Վերոնշեալ մրցաշարքին վիճակահանութիւնը չկատարուեցաւ, երբ Պալիի նահանգապետ Վայան Քոսթեր կոչ ուղղեց Իսրայէլը դուրս ձգելու մրցաշարքէն:
Ինտոնեզիա պաշտօնական յարաբերութիւններ չունի Իսրայէլի հետ, սակայն հրապարակաւ կը զօրակցի Պաղեստինին:
ՖԻՖԱ-ն շուտով պիտի յայտարարէ այն երկրին անունը, որ պիտի հիւրընկալէ 20 մայիսէն 11 յունիս 2023-ին տեղի ունենալիք այս ախոյեանութիւնը: