Արժանթինի եւ Չիլիի ֆութպոլի ազգային խումբերու նախկին մարզիչ Մարսելօ Պիելսա, պիտի գլխաւորէ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբը, այս մասին յայտնեց երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնը:
2022-ի Մոնտիալէն ետք Ուրուկուէյի մարզիչ Տիեկօ Ալոնսօ ներկայացուցած էր իր հրաժարականը:
67 տարեկան Պիելսայի պայմանագրութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ 2026-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն աւարտը:
Եթէ անոր գլխաւորած կազմը յաջողի հասնիլ աւարտական հանգրուան, անոր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգուի:
Նշենք, որ ան իբրեւ մարզիչ գլխաւորած է նաեւ Լիծ Եունայթըտը եւ Աթլեթիք Պիլպաոն: