Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, աշխարհի ախոյեան Արժանթին, որ մրցեցաւ Քուրասաոյի դէմ, արձանագրեց 7-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
35 տարեկան Լիոնել Մեսսի այս մրցումին հեթրիք մը իրագործեց:
Այսպիսով, նշանակելով իր 102-րդ միջազգային կոլը Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ գտնուող խումբին դէմ, որ կղզի մըն է, այժմ Մեսսի կը գրաւէ երրորդ դիրքը:
Աշխարհի մրցանշակիրն է, փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (122 կոլ), մինչ 109 կոլ նշանակած է իրանցի Ալի Տայէ: