Մարզական

Ֆրանսական Ֆութպոլ.  Մեսսի Գերազանցեց  Ռոնալտոյի Մրցանիշը

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Մեսսի Գերազանցեց Ռոնալտոյի Մրցանիշը

Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Արժանթինի ազգային խումբի եւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող 35 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, գերազանցեց 38 տարեկան փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի (Նասըր) մրցանիշը` եւրոպական ակումբի մակարդակով իր նշանակած կոլերու քանակով: Նախորդ շաբաթավերջին Մեսսի իր 702-րդ կոլը նշանակեց Նիսի դէմ տեղի ունեցած (2-0) Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 30-րդ հանգրուանի մրցումին: Եւրոպական ակումբներու հետ Ռոնալտօ նշանակած է 701 կոլ:...

Ռէալ Մատրիտ Նոր Պայմանագրութիւն Մը  Պիտի Առաջարկէ Մոտրիչի

Ռէալ Մատրիտ Նոր Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Առաջարկէ Մոտրիչի

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտ մէկ տարիով պիտի երկարաձգէ իր համագործակցութիւնը 37 տարեկան խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչի հետ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: Նշենք, որ արքայական ակումբին հետ Մոտրիչի գործող պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի յունիսին: Ընթացիկ տարեշրջանին, Մոտրիչ իտալացի Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած կազմին հետ բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին մասնակցած է 38 մրցումի, նշանակած 6 կոլ եւ կատարած 6 էսիսթ:

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Ռէալ Մատրիտ-Չելսի  Եւ Ա. Սէ. Միլան-Նափոլի

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ռէալ Մատրիտ-Չելսի Եւ Ա. Սէ. Միլան-Նափոլի

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Մատրիտի մէջ տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Ռէալ Մատրիտ կը հիւրընկալէ Չելսին: Այլ հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, որ պիտի ըլլայ զուտ իտալական, Նափոլի հիւրը պիտի ըլլայ Ա. Սէ. Միլանի: Երկու մրցումներուն ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):  

«Լա Լիկա».  Պարսելոնա 13 Կէտի Առաւելութեամբ Առաջին

«Լա Լիկա». Պարսելոնա 13 Կէտի Առաւելութեամբ Առաջին

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն, դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա, որ հիւրընկալեց Ժիրոնան (11-րդ), անոր հետ արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, այժմ Պարսելոնա, որ ունի 72 կէտ, 13 կէտի առաւելութեամբ կը գերազանցէ Ռէալ Մատրիտը, որ այս հանգրուանին իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Վիարէալէն: Երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Յստակացան Փլէյ Օֆի Եւ Փլէյ Ինի  Մրցումներուն Մասնակցող Բոլոր Խումբերը

«Էն. Պի. Էյ.» Յստակացան Փլէյ Օֆի Եւ Փլէյ Ինի Մրցումներուն Մասնակցող Բոլոր Խումբերը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան բոլոր այն խումբերուն անունները, որոնք ապահովեցին փլէյ օֆի եւ փլէյ ինի մրցումներուն իրենց տոմսերը: Արեւելեան շրջանէն իրենց տոմսերը ապահովեցին Միլուոքի Պաքս, Պոսթըն Սելթիքս, Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ, Քլիվլենտ Քաւալիրզ, Նիւ Եորք Նիքս, Պրուքլին Նեթց, Մայեմի Հիթ, Աթլանթա Հոքս, Թորոնթօ Ռեփթըրզ եւ Շիքակօ Պուլզ: Իսկ արեւմտեան շրջանէն իրենց տոմսերը...

Ժիւտօ.  Երուանդ Ներսէսեան Տիրացաւ  Պրոնզ Մետալի` Ռուսիոյ Մէջ

Ժիւտօ. Երուանդ Ներսէսեան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալի` Ռուսիոյ Մէջ

Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականը 1-2 ապրիլին Ռուսիոյ Խապարովսք քաղաքին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Ռաշըն Ժիւտօ Թուր» միջազգային մրցաշարքին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայրենի կազմին մաս կազմող Երուանդ Ներսէսեան 60 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ պրոնզ մետալին: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 7 երկիրներէ 200 երկսեռ մարզիկներ:  

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Պարսելոնա 4-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը  Կրեց Իր Հիւրէն` Ռէալ Մատրիտէն

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Պարսելոնա 4-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց Իր Հիւրէն` Ռէալ Մատրիտէն

Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի («Քոփա Տել Ռէյ») կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռէալ Մատրիտ 4-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակով մը վերադառնալով Պարսելոնայի դաշտէն, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր իրեն մրցակից պիտի ունենայ Օսասունան: Նշենք, որ երթին Պարսելոնա Մատրիտի մէջ արձանագրած էր 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին առաջին կոլը նշանակեց Վինիսիու Ժունիոր (45+1-րդ), մինչ Քարիմ Պենզեմա հեթրիք մը իրագործեց (50-րդ, 58-րդ`...

Ալեքսանտր Զեֆերին Վերընտրուեցաւ  «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Նախագահ

Ալեքսանտր Զեֆերին Վերընտրուեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Նախագահ

55 տարեկան սլովենիացի Ալեքսանտր Զեֆերին երրորդ անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի նախագահ եւ պիտի պաշտօնավարէ յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը: Քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի 47-րդ համագումարին ընթացքին: Նշենք, որ ան այս պաշտօնին համար առաջադրուած միակ թեկնածուն էր: Զեֆերին, որ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի 7-րդ...

Գերմանիոյ Ֆութպոլի  Բաժակի Մրցաշարք.  Ֆրայպուրկ Մրցաշարքէն  Դուրս Ձգեց Պայէրն Միւնիխը

Գերմանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ֆրայպուրկ Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Պայէրն Միւնիխը

Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պայէրն Միւնիխ, որ իր դաշտին մէջ 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան հիւրընկալեց Ֆրայպուրկը, անկէ 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն: Հիւր կազմին յաղթական կոլը 90+5-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց Լուքաս Հոլեր: Պայէրնի եւ մրցումին առաջին կոլը նշանակեց Տայօ Ուփամեքանօ (19-րդ), իսկ Ֆրայպուրկի հաւասարութեան կոլը` Նիքոլաս Հոֆլեր (27-րդ): Իր կարգին,...

Աղջկանց Ֆութպոլ.  Եւրոպայի 2025-ի Ախոյեանութիւնը`  Զուիցերիոյ Մէջ

Աղջկանց Ֆութպոլ. Եւրոպայի 2025-ի Ախոյեանութիւնը` Զուիցերիոյ Մէջ

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Զուիցերիա պիտի հիւրընկալէ 2025-ի Եւրոպայի աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութիւնը: Այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու համար կային երեք թեկնածուներ: Ֆրանսայի եւ Լեհաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնները իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին միատեղ, մինչ երկրորդին պարագային չորս երկիրներ` Դանիա, Ֆինլանտա, Նորվեկիա եւ Շուէտ, իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին միասնաբար: Այս ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 16 խումբեր, տեղի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Սաժես Պէյրութ-Հուփս  Եւ Տինամօ-ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Սաժես Պէյրութ-Հուփս Եւ Տինամօ-ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութեան հրապարակած` Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի ֆայնըլ էյթի մրցումներուն յայտագիրին ազդանշանը կը տրուի այսօր` հինգշաբթի, 6 ապրիլին, երբ տեղի կ՛ունենան երկու մրցումներ: Երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Ղազիրի դաշտին մէջ տեղի կ՛ունենայ Սաժես Պէյրութ-Հուփս մրցումը, իսկ երեկոյեան ժամը 21:00-ին, «Ռոքլենտ Արենա» մարզադաշտին մէջ (օդակայանի ճամբուն վրայ)` Տինամօ-ՀՄԸՄ Պէյրութ հանդիպումը: Նշենք, որ ախոյեանութեան երթուդարձի մրցումներուն...

Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան Արդիւնքները`    Մասթըր Կարօ Քեպապճեանի Յիշատակին Նուիրուած  Քոնկ Ֆու-Ուու Շուի Թաու Լուի Յուշամրցաշարքին

Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան Արդիւնքները` Մասթըր Կարօ Քեպապճեանի Յիշատակին Նուիրուած Քոնկ Ֆու-Ուու Շուի Թաու Լուի Յուշամրցաշարքին

Հայ Սեւ գօտիներու միութեան վարչութեան կազմակերպութեամբ 2-րդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ մասթըր Կարօ Քեպապճեանի յիշատակին նուիրուած Քոնկ ֆու-ուու շուի յուշամրցաշարք` հովանաւորութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին: ԱՊՊԱ-ի մարզիկները ապահովեցին հետեւեալ մետալները. Լիանա Քէշիշեան - 3 ոսկի Անթոնի Արզումանեան - 3 ոսկի Անի Վարդանեան - 2 ոսկի եւ 1 պրոնզ Ճէյսըն Աբիքեան - 2 ոսկի Քրիստ Սուլեան - 1 ոսկի եւ...

Լիբանանի Ճատրակի Տարիքային  Ախոյեանութիւն

Լիբանանի Ճատրակի Տարիքային Ախոյեանութիւն

Շաբաթ, 25 մարտին, Պէյրութի Ռիատի ակումբին  մէջ (Մանարա) տեղի ունեցաւ Լիբանանի ճատրակի տարիքային ախոյեանութեան մրցանակաբաշխութիւն` Ճատրակի ֆետերասիոնին հրաւէրով: Տարբեր տարիքներու ճատրակի ախոյեանութեան մրցումները տեղի ունեցած էին 10, 11, 12, 17, 18 եւ 19 մարտին,  Մաահատ Ռիատի Ասքարի-Մար Ռուքոզի մէջ` մեծ թիւով մասնակիցներով: Այս մրցումներուն հայ մասնակիցները արձանագրեցին պատուաբեր արդիւնքներ, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ. 6 տարեկանէն վար տղաք 1.- Զէյթճեան Սարգիս...

Ճատրակ.  Արամ Յակոբեան Հանդիսացաւ Երրորդ

Ճատրակ. Արամ Յակոբեան Հանդիսացաւ Երրորդ

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ «Թայթըլտ Թիուզտէյ» ճատրակի առցանց մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած հայրենի ճատրակ խաղացող Արամ Յակոբեան, առաւելագոյն 11 կէտէն 9,5 կէտ ապահովելով բաժնեց 1-3-րդ դիրքերը: Լրացուցիչ ցուցանիշներով, Արամ Յակոբեան գրաւեց երրորդ դիրքը: Տիտղոսին տիրացաւ ռուս Տմիթրի Անտրէյքին, մինչ երկրորդ հանդիսացաւ լեհ Եան-Քրզիսցթոֆ Տուտա:

Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար  Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը 4-1 Արդիւնքով  Պարտութիւն Մը Կրեց Մալթայէն

Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը 4-1 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Մալթայէն

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի Բ. դասակարգի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը, որ Աբովեանի քաղաքային մարզադաշտին մէջ մրցեցաւ Մալթայի դէմ, կրեց 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Հայրենի կազմին միակ եւ ուշացած կոլը 90+2-րդ վայրկեանին նշանակեց Տաթեւ Խաչատրեան, մինչ հիւր կազմը իր կոլերը նշանակեց 3-րդ (փենալթիով), 15-րդ, 58-րդ եւ 85-րդ վայրկեաններուն: Երկուշաբթի,...

Կռփամարտ.  Հայաստանի Խումբերը Կը Պատրաստուին  Եւրոպայի Եւ Աշխարհի Ախոյեանութիւններուն

Կռփամարտ. Հայաստանի Խումբերը Կը Պատրաստուին Եւրոպայի Եւ Աշխարհի Ախոյեանութիւններուն

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը, Վազգէն Բադալեանի գլխաւորութեամբ, ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ Ծաղկաձորի մէջ. հաւաքը պիտի աւարտի ուրբաթ, 7 ապրիլին: Նշուեցաւ, որ հաւաքականը 26 մարզիկով կը պատրաստուի 23 ապրիլին Երեւանի մէջ սկսելիք Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան: Ինչ կը վերաբերի մեծերու հաւաքականին, անիկա գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեանի ղեկավարութեամբ, ուսումնամարզական հաւաքի մը սկսաւ Ծաղկաձորի մէջ, պատրաստուելու համար 1-14...

Մարմնամարզութիւն.  Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Հինգ Մարզիկով  Կը Մասնակցի Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Մարմնամարզութիւն. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Հինգ Մարզիկով Կը Մասնակցի Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը հինգ մարզիկով կը մասնակցի 11-16 ապրիլին Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի մեծերու մարմնամարզութեան ախոյեանութեան: Հայաստանի ներկայացուցիչները պիտի ըլլան Արթուր Դաւթեան, Յարութիւն Մերդինեան, Վահագն Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան եւ Գագիկ Խաչիկեան: Խումբին մարզիչներն են` Սօս Սարգսեան եւ Հայկ Նազարեան, մինչ պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն նաեւ հայրենի միջազգային իրաւարարներ Յակոբ...

Իտալիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Եուվենթուս-Ինթեր Միլան` 1-1

Իտալիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Եուվենթուս-Ինթեր Միլան` 1-1

Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Եուվենթուս, որ հիւրընկալեց Ինթեր Միլանը, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Մրցումին 83-րդ վայրկեանին, հիւրընկալ կազմին մաս կազմող քոլոմպիացի յետսապահ Խուան Քուատրատօ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, մինչ կորսուած վայրկեաններուն (90+5-րդ), պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու փենալթիով նշանակեց հիւր կազմին հաւասարութեան կոլը: Ան իր նշանակած կոլէն երկվայրկեաններ ետք իր երկրորդ դեղին...

Պրունօ Լապատիա Պաշտօնազրկուեցաւ

Պրունօ Լապատիա Պաշտօնազրկուեցաւ

«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Շթութկարթի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին ղեկավարութիւնը որոշեց պաշտօնազրկել գլխաւոր մարզիչ Պրունօ Լապատիան` խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն ի տես: Լապատիա, որ իր պաշտօնը ստանձնեց նախորդ տարի` դեկտեմբերին, իր կազմին հետ կատարած 12 մրցումներուն ընթացքին արձանագրեց միայն մէկ յաղթանակ, այդ ալ Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի ծիրին գծով, Փատերպոռնի դէմ: Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Շթութկարթ 20...

Ռուսիոյ Եւ Պիելոռուսիոյ Ըմբիշներուն  Արտօնուեցաւ Մասնակցիլ  Միջազգային Մրցումներու

Ռուսիոյ Եւ Պիելոռուսիոյ Ըմբիշներուն Արտօնուեցաւ Մասնակցիլ Միջազգային Մրցումներու

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը («ԵՈՒ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ.») Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ ըմբիշներուն արտօնեց մասնակցիլ միջազգային մրցումներու, այս մասին յայտնեց ռուսական մարզական մամուլը: Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին թելադրանքով, անոնք իրենց մրցումները պիտի կատարեն չէզոք դրօշի տակ: Նշենք, որ ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառով, Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ ըմբիշները մարտ 2022-էն ի վեր զրկուած են միջազգային մրցումներու մասնակցելէ: Ասիկա կը նշանակէ, որ անոնք այժմ առիթը ունին 2024-ի Փարիզի...

Page 304 of 1280 1 … 303 304 305 … 1,280

Արխիւներ