«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի Բ. դասակարգի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը, որ Աբովեանի քաղաքային մարզադաշտին մէջ մրցեցաւ Մալթայի դէմ, կրեց 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Հայրենի կազմին միակ եւ ուշացած կոլը 90+2-րդ վայրկեանին նշանակեց Տաթեւ Խաչատրեան, մինչ հիւր կազմը իր կոլերը նշանակեց 3-րդ (փենալթիով), 15-րդ, 58-րդ եւ 85-րդ վայրկեաններուն:
Երկուշաբթի, 10 ապրիլին, Հայաստան կը մրցի Ֆարօ կղզիներուն դէմ:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Գագիկ Տէր Գէորգեան: