«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Զուիցերիա պիտի հիւրընկալէ 2025-ի Եւրոպայի աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութիւնը:
Այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու համար կային երեք թեկնածուներ:
Ֆրանսայի եւ Լեհաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնները իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին միատեղ, մինչ երկրորդին պարագային չորս երկիրներ` Դանիա, Ֆինլանտա, Նորվեկիա եւ Շուէտ, իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին միասնաբար:
Այս ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 16 խումբեր, տեղի պիտի ունենան զուիցերիական ութ քաղաքներու մէջ, որոնց կարգին` Պալ, Ժընեւ եւ Ցիւրիխ: