Շաբաթ, 25 մարտին, Պէյրութի Ռիատի ակումբին մէջ (Մանարա) տեղի ունեցաւ Լիբանանի ճատրակի տարիքային ախոյեանութեան մրցանակաբաշխութիւն` Ճատրակի ֆետերասիոնին հրաւէրով:
Տարբեր տարիքներու ճատրակի ախոյեանութեան մրցումները տեղի ունեցած էին 10, 11, 12, 17, 18 եւ 19 մարտին, Մաահատ Ռիատի Ասքարի-Մար Ռուքոզի մէջ` մեծ թիւով մասնակիցներով:
Այս մրցումներուն հայ մասնակիցները արձանագրեցին պատուաբեր արդիւնքներ, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ.
6 տարեկանէն վար տղաք
1.- Զէյթճեան Սարգիս – «Անդրանիկ» Անթիլիաս
8 տարեկանէն վար աղջիկներ
2.- Էսփեր Աննա Թերեզա – «Անդրանիկ» Անթիլիաս
12 տարեկանէն վար տղաք
4.- Մարտիկեան Մարիա – ՀՄԸՄ Անթիլիաս
14 տարեկանէն վար տղաք
3.- Մարտիկեան Մարտիկ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս
18 տարեկանէն վար տղաք
2.- Սէրմանուկեան Ալեքսանտր- «Անդրանիկ» Անթիլիաս


