Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը հինգ մարզիկով կը մասնակցի 11-16 ապրիլին Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի մեծերու մարմնամարզութեան ախոյեանութեան:
Հայաստանի ներկայացուցիչները պիտի ըլլան Արթուր Դաւթեան, Յարութիւն Մերդինեան, Վահագն Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան եւ Գագիկ Խաչիկեան:
Խումբին մարզիչներն են` Սօս Սարգսեան եւ Հայկ Նազարեան, մինչ պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն նաեւ հայրենի միջազգային իրաւարարներ Յակոբ Սերոբեան եւ Արթուր Գիւրջինեան:
Նշենք, որ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին վերոնշեալ վայրին մէջ տեղի ունեցած էր աշխարհի մարմնամարզութեան երիտասարդական ախոյեանութիւնը, ուր Հայաստան տիրացած էր երկու ոսկի եւ արծաթ մետալի: