«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Մատրիտի մէջ տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Ռէալ Մատրիտ կը հիւրընկալէ Չելսին:
Այլ հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, որ պիտի ըլլայ զուտ իտալական, Նափոլի հիւրը պիտի ըլլայ Ա. Սէ. Միլանի:
Երկու մրցումներուն ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):


