Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ
«Թայթըլտ Թիուզտէյ» ճատրակի առցանց մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած հայրենի ճատրակ խաղացող Արամ Յակոբեան, առաւելագոյն 11 կէտէն 9,5 կէտ ապահովելով բաժնեց 1-3-րդ դիրքերը:
Լրացուցիչ ցուցանիշներով, Արամ Յակոբեան գրաւեց երրորդ դիրքը:
Տիտղոսին տիրացաւ ռուս Տմիթրի Անտրէյքին, մինչ երկրորդ հանդիսացաւ լեհ Եան-Քրզիսցթոֆ Տուտա:


