Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականը 1-2 ապրիլին Ռուսիոյ Խապարովսք քաղաքին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Ռաշըն Ժիւտօ Թուր» միջազգային մրցաշարքին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայրենի կազմին մաս կազմող Երուանդ Ներսէսեան 60 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 7 երկիրներէ 200 երկսեռ մարզիկներ:


