Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը, Վազգէն Բադալեանի գլխաւորութեամբ, ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ Ծաղկաձորի մէջ. հաւաքը պիտի աւարտի ուրբաթ, 7 ապրիլին:
Նշուեցաւ, որ հաւաքականը 26 մարզիկով կը պատրաստուի 23 ապրիլին Երեւանի մէջ սկսելիք Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան:
Ինչ կը վերաբերի մեծերու հաւաքականին, անիկա գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեանի ղեկավարութեամբ, ուսումնամարզական հաւաքի մը սկսաւ Ծաղկաձորի մէջ, պատրաստուելու համար 1-14 մայիսին Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենդի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիականի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
16 ապրիլին խումբը պիտի մեկնի Ղազախստան եւ իր նախապատրաստութիւնը պիտի շարունակէ` Սկովտիոյ, Մարոքի, Յունաստանի եւ Սերպիոյ կռփամարտիկներուն հետ միատեղ հաւաքին: