«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Շթութկարթի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին ղեկավարութիւնը որոշեց պաշտօնազրկել գլխաւոր մարզիչ Պրունօ Լապատիան` խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն ի տես:
Լապատիա, որ իր պաշտօնը ստանձնեց նախորդ տարի` դեկտեմբերին, իր կազմին հետ կատարած 12 մրցումներուն ընթացքին արձանագրեց միայն մէկ յաղթանակ, այդ ալ Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի ծիրին գծով, Փատերպոռնի դէմ:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Շթութկարթ 20 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 18-րդ եւ վերջին դիրքը:
Անոր փոխարէն մարզիչ նշանակուեցաւ Սեպասթիան Հէօնես, որ մինչեւ 30 յունիս 2025 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց: