Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Եուվենթուս, որ հիւրընկալեց Ինթեր Միլանը, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Մրցումին 83-րդ վայրկեանին, հիւրընկալ կազմին մաս կազմող քոլոմպիացի յետսապահ Խուան Քուատրատօ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, մինչ կորսուած վայրկեաններուն (90+5-րդ), պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու փենալթիով նշանակեց հիւր կազմին հաւասարութեան կոլը:
Ան իր նշանակած կոլէն երկվայրկեաններ ետք իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով կարմիր քարտ մը ստացաւ օրուան իրաւարարէն` Տաւիտ Մասսայէն:
Իսկ 90+8-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ ստացան նոյնինքն Քուատրատօ եւ Ինթերէն բերդապահ Սամիր Հանտանովիչ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախկին խմբապետ, միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, Ինթերի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին:
Նշենք, որ երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 26 ապրիլին: