Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը («ԵՈՒ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ.») Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ ըմբիշներուն արտօնեց մասնակցիլ միջազգային մրցումներու, այս մասին յայտնեց ռուսական մարզական մամուլը:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին թելադրանքով, անոնք իրենց մրցումները պիտի կատարեն չէզոք դրօշի տակ:
Նշենք, որ ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառով, Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ ըմբիշները մարտ 2022-էն ի վեր զրկուած են միջազգային մրցումներու մասնակցելէ:
Ասիկա կը նշանակէ, որ անոնք այժմ առիթը ունին 2024-ի Փարիզի ամառնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու համար տոմս ապահովելու: