Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պայէրն Միւնիխ, որ իր դաշտին մէջ 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան հիւրընկալեց Ֆրայպուրկը, անկէ 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Հիւր կազմին յաղթական կոլը 90+5-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց Լուքաս Հոլեր:
Պայէրնի եւ մրցումին առաջին կոլը նշանակեց Տայօ Ուփամեքանօ (19-րդ), իսկ Ֆրայպուրկի հաւասարութեան կոլը` Նիքոլաս Հոֆլեր (27-րդ):
Իր կարգին, Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` 2-0 արդիւնքով յաղթելով Իւնիոն Պերլինին:
Մրցաշարքէն դուրս մնաց նաեւ Պորուսիա Տորթմունտ, որ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լայփցիկի դաշտին վրայ:
Կիսաւարտականին հասնող չորրորդ խումբը հանդիսացաւ Շթութկարթ, որ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Նիւրեմպերկին:


