55 տարեկան սլովենիացի Ալեքսանտր Զեֆերին երրորդ անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի նախագահ եւ պիտի պաշտօնավարէ յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի 47-րդ համագումարին ընթացքին:
Նշենք, որ ան այս պաշտօնին համար առաջադրուած միակ թեկնածուն էր:
Զեֆերին, որ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի 7-րդ նախագահն է, իր պաշտօնը կը վարէ սեպտեմբեր 2016-էն ի վեր:
Ան առաջին անգամ նախագահ վերընտրուեցաւ փետրուար 2019-ին: