Նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 36-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ֆուլհեմ, որ հիւրը եղաւ Սաութհեմփթընին, անոր դաշտին վրայ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` իր կոլերը նշանակելով Բ. կիսախաղին:
Սաութհեմփթընի կրած այս պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ անիկա մնայ ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքին վրայ:
Ինչ ալ ըլլան վերջին երկու հանգրուանի մրցումներու արդիւնքները անիկա 18-րդ դիրքէն վեր պիտի չկարենայ բարձրանալ, ինչ որ կը նշանակէ, որ անիկա տարեշրջանի աւարտին ուղղակիօրէն պիտի փոխադրուի Բ. դասակարգ («Փրեմիերշիփ»):


