Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցած Ստեփան Աւագեանի անուան ճատրակի յուշամրցաշարքը աւարտեցաւ ամերիկահայ 22 տարեկան Սամուէլ Սեւեանի յաղթանակով, որ առաւելագոյն 9 կէտէն 6 կէտ ապահովելով միանձնեայ գրաւեց առաջին դիրքը:
Նշենք, որ կրանտմասթըր Սեւեան մրցաշարքը աւարտեց առանց պարտութեան (3 յաղթանակ եւ 6 հաւասարութիւն):
2-4-րդ դիրքերը 5-ական կէտով բաժնեցին ուզպեք Նոտիրպեկ Եաքուպոյեւ, իրանցի Ամին Թապաթապայէ, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Հայկ Մ. Մարտիրոսեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան:
Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամն էր 1,4 միլիոն դրամ:


