Հայաստանի հաւաքականին հետ ողիմպիական խաղերու, աշխարհի եւ Եւրոպայի փոխախոյեան հանդիսացած Գոռ Մինասեան, յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ Ասիոյ ախոյեան:
Մինասեան, որ Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունեցած Ասիոյ ախոյեանութեան կը ներկայացնէր Պահրէյնի ազգային խումբը, 109 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ, երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 464 քկ արդիւնք մը, ոչ միայն տիրացաւ ոսկի մետալին, այլեւ բարելաւեց իր իսկ հաստատած Ասիոյ մրցանիշը:
Նախորդ տարի Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցած Ասիոյ ախոյեանութեան հայրենի ծանրաբարձը ախոյեան հանդիսացած էր, երբ երկամարտի մրցումներուն արձանագրած էր` 452 քկ արդիւնք մը:


