Գերմանական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտ այժմէն իսկ մեծ աշխատանք կը տանի իր կազմին միացնելու համար Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայերն Միւնիխին մաս կազմող գերմանացի միջնապահ Ճոշուա Քիմիչը:
Արքայական ակումբը այժմէն իսկ փոխարինող կը փնտռէ` զօրացնելու համար իր միջնապահ գիծը, նկատի ունենալով, որ 2024-ի ամրան գերմանացի Թոնի Քրուս եւ խրուաթ Լուքա Մոտրիչ պիտի հեռանան կազմէն:
28 տարեկան Քիմիչի պայմանագրութիւնը` Պայերնի հետ, նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2025:


