Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա, որ հիւրը եղաւ Էսփանիոլին (նախավերջին), արձանագրեց, 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, քաթալոնական կազմը ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը` տարեշրջանի աւարտէն չորս հանգրուան առաջ:
Պարսելոնա, որ այժմ ունեցաւ 85 կէտ, 14 կէտի բաւական հանգիստ առաւելութիւն մը ունի իր անմիջական մրցակից եւ երկրի գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտի վրայ, որ այս հանգրուանին, 1-0 արդիւնքով դժուարութեամբ պարտութեան մատնեց Կեթաֆէն (18-րդ):
Էսփանիոլի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Պարսելոնայի կոլերը նշանակեցին լեհ Ռոպերթ Լեւանտովսքի (11-րդ եւ 40-րդ), սպանացի Ալեքս Պալտէ (20-րդ) եւ ֆրանսացի Ժիւլ Քունտէ (53-րդ):
Այսպիսով, Պարսելոնայի 43 տարեկան գլխաւոր մարզիչ Խաւի, իբրեւ մարզիչ անոր հետ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ երկրի ախոյեան:
Պարսելոնա, որ 27-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ երկրի ախոյեան, այս տարեշրջանին տիրացած էր նաեւ Սպանիոյ գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսին:


