«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2022-2023 տարեշրջանի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 16 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Ինթեր Միլան-Ա. Սէ. Միլան դարձի մրցումը:
Ինչպէս ծանօթ է, երթի մրցումին Ինթեր արձանագրեց 2-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի կողմէ այս մրցումին կեդրոնի իրաւարար նշանակուեցաւ ֆրանսացի Քլեման Թիւրփին:
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, վաղը` չորեքշաբթի, 17 մայիսին իրարու դէմ պիտի մրցին Մանչեսթըր Սիթի եւ Ռէալ Մատրիտ (երթ` 1-1):


