Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնա նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկեց ֆրանսացի իր միջնապահին` Ուսման Տեմպելէին: Այդ պայմանագրութիւնը պիտի երկարի մինչեւ յունիս 2027:
Թէեւ անոր այժմու պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանի աւարտը, սակայն քաթալոնական ակումբը մինչեւ 30 յունիս աշխատանք պիտի տանի համաձայնութեան գալ 25 տարեկան ֆութպոլիստին հետ:
Տեմպելէով ցարդ հետաքրքրուած են Պայէրն Միւնիխ եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան ցարդ 20 մրցումի ընթացքին նշանակած է 5 կոլ եւ կատարած նոյնքան էսիսթ:


