Վաղը` Սաժես Պէյրութ–Ռիատի Պէյրութ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի կիսաւարտական հանգրուանի (ֆայնըլ ֆոր) մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 13 մայիսին, երեկոյեան ժամը 21:45-ին, տեղի կ՛ունենայ Պէյրութ-Տինամօ երկրորդ մրցումը, առաջինի դաշտին` Շիահի մէջ:
Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած առաջին մրցումին, Տինամօ ինք էր, որ իր դաշտին մէջ յաղթանակ արձանագրեց` 88-81 արդիւնքով:
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, վաղը` կիրակի, 14 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, Ղազիրի իր դաշտին մէջ, Սաժես Պէյրութ կը հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը:
Նշենք, որ նախորդ երկու մրցումներուն, Ռիատի արձանագրեց նոյնքան յաղթանակ, առաջինը` 86-81, մինչ երկրորդը` 93-89 արդիւնքով:


