«Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Եուվենթուս, որ հիւրընկալեց Սեւիլլան, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Մրցումին 26-րդ վայրկեանին, մարոքցի յառաջապահ Եուսուֆ Նեսիրի նշանակեց սպանական կազմին կոլը, մինչ իտալացի յետսապահ Ֆետերիքօ Կաթթի, որ դաշտ ներկայացաւ 61-րդ վայրկեանին, իր կազմը փրկեց պարտութենէ մը, երբ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+7-րդ) նշանակեց Եուվէի հաւասարութեան կոլը:
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրընկալեց գերմանական Պայեր Լեւերքուզընը, անոր դէմ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իտալացի միջնապահ Էտուարտօ Պովէ նշանակեց իտալական կազմին եւ մրցումին միակ կոլը (63-րդ):
Կիսաւարտականի դարձի մրցումները տեղի պիտի ունենան 18 մայիսին:


