«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի 2022-2023 տարեշրջանի ախոյեանութեան արեւմտեան շրջանի աւարտական հանգրուանի վեցերորդ մրցումին, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ իր դաշտին վրայ 122-101 արդիւնքով յաղթեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լէյքըրզ այսպիսով 4-2 արդիւնքով յառաջանալով մրցաշարքէն դուրս ձգեց երկրին գործող ախոյեան Ուորիըրզը:
Ուորիըրզէն 32 կէտ նշանակեց Սթեֆըն Քարի, իսկ Լէյքըրզէն, Լեպրոն Ճէյմս` 30 կէտ:
Այսպիսով, աւարտականին Լէյքըրզ կը մրցի Տենվըր Նակեթցի դէմ, որ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Ֆէօնիքս Սանզին, արեւմտեան շրջանի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին:
Ինչ կը վերաբերի արեւելեան շրջանի աւարտական մրցումներուն, Մայեմի Հիթ կը մնայ սպասողական վիճակի մէջ` նկատի ունենալով, որ Պոսթըն Սելթիքս-Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ մրցումը կ՛ընթանայ 3-3 արդիւնքով հաւասարութեամբ:


