Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենդի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ, Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի եռակի ախոյեան Յովհաննէս Բաչքով տիրացաւ իր չորրորդ պրոնզ մետալին` աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով:
63,5 քկ դասակարգի կիսաւարտականի մրցումին, Բաչքով, որ մրցեցաւ Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ, Ասիոյ ախոյեան Ռուսլան Ապտիւլայեւի դէմ, անկէ կրեց 5-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Յովհաննէս Բաչքով նախապէս աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էր 2017-ին, 2019-ին եւ 2021-ին:
Իր կարգին, պրոնզէ մետալին տիրացաւ Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Նարեկ Մանասեան, որ 92 քկ դասակարգի կիսաւարտականին 5-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Իտալիան ներկայացնող աշխարհի փոխախոյեան, Եւրոպայի ախոյեան Ազիզ Ապպաս Մուհիէտտինէն: