«Եուրոփա Քոնֆըրընս-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն, Ուեսթ Համ եւ Պալ յաղթանակներ արձանագրեցին յաջորդաբար Ազ-Ալքմաարի եւ Ֆիորենթինայի դէմ, երկուքն ալ նոյն արդիւնքով` 2-1:
Ֆիորենթինա թէեւ ինք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը (25-րդ), սակայն Բ. կիսախաղին ստացաւ երկու կոլ, առաջինը` 71-րդ վայրկեանին, իսկ երկրորդը… 90+2-րդ վայրկեանին:
Իսկ Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Ուեսթ Համ իր կոլերը նշանակեց 67-րդ (փենալթիով) եւ 76-րդ վայրկեաններուն, իսկ Ազ Ալքմաար 41-րդ վայրկեանին:
Դարձի մրցումները տեղի պիտի ունենան 18 մայիսին:


