Նախորդ շաբաթավերջին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 2022-2023 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Ուրարտու եւ Շիրակ Գիւմրի:
Արձանագրելով 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, Ուրարտու այսպիսով չորրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին:
Մրցումին առաջին վայրկեանին, Ուրարտուի ռուս միջնապահ Տաւիտ Խուրցիծէ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը:
6-րդ վայրկեանին, Շիրակի փղոսկրեայ ափունքցի յառաջապահ Մուսա Պաքայոքօ նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը, մինչ 85-րդ վայրկեանին Ուրարտուի յաղթանակի կոլը նշանակեց միջնապահ Կարէն Մելքոնեան:
Նշենք, որ Շիրակի կոլը նշանակած Պաքայոքօ 72-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:


