Մարզական

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Սպանիա Տիրացաւ Տիտղոսին` Փենալթիներով (5-4)  Յաղթելէ Ետք Խրուաթիոյ

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Սպանիա Տիրացաւ Տիտղոսին` Փենալթիներով (5-4) Յաղթելէ Ետք Խրուաթիոյ

Իտալիա Գրաւեց Երրորդ Դիրքը Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար երրորդ անգամ ըլլալով` «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի կազմակերպութեամբ: Աւարտականի մրցումին Սպանիա, որ մրցեցաւ Խրուաթիոյ դէմ, փենալթիներով 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ տիտղոսին: Նշենք, որ մրցումին հիմնական եւ երկարաձգման ժամանակը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ: Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Սպանիոյ յաղթանակի փենալթին նշանակեց Ռէալ Մատրիտի...

Ալպա Պիտի Ըլլայ Մեսսիի Խմբակից

Ալպա Պիտի Ըլլայ Մեսսիի Խմբակից

Ամերիկեան Ինթեր Մայեմի ֆութպոլի ակումբը, որուն մաս կը կազմէ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, նախորդ շաբաթավերջին համաձայնութեան եկաւ քաթալոնական Պարսելոնայի յետսապահ` Եորտի Ալպայի հետ: Նշուեցաւ, որ Մայեմի երկու տարուան պայմանագրութիւն մը կնքեց անոր հետ: Ախոյեանութեան օրէնքներուն համաձայն, առաւելագոյն աշխատավարձը, որ Ինթեր Մայեմի կրնայ առաջարկել սպանացիին, տարեկան երկու միլիոն ամերիկեան տոլար է: Շատ հաւանական է, որ խումբին միանայ նաեւ Պարսելոնայի խմբապետ Սերճիօ...

Շուէտ Կ՛ուզէ Հիւրընկալել 2030-ի  Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերը

Շուէտ Կ՛ուզէ Հիւրընկալել 2030-ի Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերը

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն յայտնեց, որ Շուէտի ողիմպիական կոմիտէն շուտով իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ` դառնալու համար 2030-ի ողիմպիականի խաղերուն հիւրընկալ երկիրը: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Սթոքհոլմ դարձեալ պատրաստ է դառնալու այդ խաղերը հիւրընկալողը: Անիկա 1912-ի ողիմպիականի խաղերը հիւրընկալելէ ետք ութ անգամ իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր, սակայն չէր յաջողած դառնալ հիւրընկալ քաղաքը: Նշուեցաւ, որ Փարիզ-2024-ի ողիմպիական խաղերուն մեկնարկը տրուելէ առաջ, Միջազգային ողիմպիական...

Լուիս Էնրիքէ Պիտի Գլխաւորէ  Փարիզ Սեն Ժերմենը

Լուիս Էնրիքէ Պիտի Գլխաւորէ Փարիզ Սեն Ժերմենը

Ֆրանսական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ սպանացի մասնագէտ Լուիս Էնրիքէ շուտով պիտի ստանձնէ Փարիզ Սեն Ժերմենի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը` նկատի ունենալով, որ կողմերը արդէն իսկ համաձայնութեան եկած են իրարու հետ` երկու տարուան պայմանագիրի մը շուրջ: 53 տարեկան Էնրիքէ նախորդ դեկտեմբերին Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնէն երկրորդ անգամ հեռանալէն ետք այժմ որեւէ կազմի մարզիչի պաշտօնը չի վարեր: Նշենք, որ ան...

«Ֆորմիւլա-1».  Մաքս Վերսթափեն  Յաղթական`  Քանատայի Մէջ

«Ֆորմիւլա-1». Մաքս Վերսթափեն Յաղթական` Քանատայի Մէջ

Աշխարհի կրկնակի ախոյեան, աւստրիական «Ռետ Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով աւարտեցաւ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Քանատայի կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2023-ի աշխարհի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ: Երկրորդ դիրքը գրաւեց աշխարհի կրկնակի ախոյեան, «Ասթոն Մարթին»-ի սպանացի վարորդ Ֆերնանտօ Ալոնսօ, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց աշխարհի 7-ակի ախոյեան, «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Վերսթափեն...

ՀՄԸՄ-ի Մարզիկները Երրորդ` Հեծելարշաւի  «Թանիոս Միր» Մրցաշարքի Մասթըր  Եւ Էլիթ Դասակարգերուն Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Մարզիկները Երրորդ` Հեծելարշաւի «Թանիոս Միր» Մրցաշարքի Մասթըր Եւ Էլիթ Դասակարգերուն Մէջ

Կիրակի, 18 յունիս 2023-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Տըպպայէի Մարինա շրջանին մէջ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս տարեշրջանի առաջին մրցաշարքը, («Թանիոս Միր»), որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի խումբը: Մասթըր դասակարգին, ինչպէս նաեւ Էլիթ դասակարգին մէջ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները հանդիսացան երրորդ:

«Եւրօ-2024».  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը  4-2 Արդիւնքով Յաղթեց Կալեսի` Քարտիֆի Մէջ

«Եւրօ-2024». Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը 4-2 Արդիւնքով Յաղթեց Կալեսի` Քարտիֆի Մէջ

Այսօր` Երկուշաբթի, Հայաստան Կը Հիւրընկալէ Լաթվիան «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կատարեց իր երկրորդ մրցումը, երբ Քարտիֆի մէջ հիւրը եղաւ Կալեսի: Հայրենի կազմը, որ մրցաշարքը սկսած էր պարտութեամբ, արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը` 4-2 արդիւնքով: Իսկ Կալես, որ իր կատարած նախորդ երկու մրցումներուն արձանագրած էր յաղթանակ մը եւ հաւասարութիւն մը, կրեց մրցաշարքի...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն.  Հայաստան Տիրացաւ 5 Մետալի

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Հայաստան Տիրացաւ 5 Մետալի

Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ըմբշամարտի պատանեկան ախոյեանութեան երկրորդ օրը, Հայաստանի հաւաքականը տիրացաւ 5 մետալի, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Արծաթէ մետալակիր դարձան Արման Յարութիւնեան (48 քկ), Սամուէլ Գէորգեան (55 քկ), Ռազմիկ Եփրեմեան (80քկ) եւ Հենրիկ Հայկեան (110 քկ), իսկ պրոնզէ մետալակիր` Վլատիմիր Ազարեան (65 քկ):

Պասքեթպոլ.  Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Իր Կատարած  Երկու Մրցումներուն Ալ Պարտուեցաւ  Եւրոպայի Փոխախոյեան Ֆրանսայէն

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Իր Կատարած Երկու Մրցումներուն Ալ Պարտուեցաւ Եւրոպայի Փոխախոյեան Ֆրանսայէն

Լոս Անճելըսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) ուսումնամարզական հաւաք կատարող Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց ազգային հաւաքականը, որ բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ Եւրոպայի փոխախոյեան Ֆրանսայի դէմ, անկէ կրեց 107-74 արդիւնքով պարտութիւն մը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Իր կատարած երկրորդ մրցումին եւս հայրենի կազմը պարտուեցաւ Ֆրանսայէն, այս անգամ` 98-83 արդիւնքով: Նշենք, որ փորձառու մարզիչ Ռեքս Քալամեանի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, որ...

Հայկական Ֆութպոլ.  Վարդան Մինասեան Վերադարձաւ  Արարատ-Արմենիա

Հայկական Ֆութպոլ. Վարդան Մինասեան Վերադարձաւ Արարատ-Արմենիա

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Արարատ-Արմենիայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ փորձառու մարզիչ  Վարդան Մինասեան վերադարձաւ եւ ստանձնեց ակումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը: Անոր մարզչական խմբակին մէջ են նաեւ Արտակ Օսէեան, Արթուր Մկրտչեան եւ Գուրգէն Յակոբեան: Նշենք, որ անցեալին Արարատ-Արմենիա, Վարդան Մինասեանի գլխաւորութեամբ, երկու անգամ հանդիսացած է Հայաստանի ախոյեան, իսկ առիթով մըն ալ` Հայաստանի գերբաժակակիր:    

«Փրեմիեր Լիկ».  2023-2024 Տարեշրջանին Մեկնարկը  Պիտի Տրուի` Ուրբաթ, 11 Օգոստոսին

«Փրեմիեր Լիկ». 2023-2024 Տարեշրջանին Մեկնարկը Պիտի Տրուի` Ուրբաթ, 11 Օգոստոսին

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի 2023-2024 տարեշրջանին յայտագիրը, որուն մեկնարկը պիտի տրուի ուրբաթ, 11 օգոստոսին, երբ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի հիւրը պիտի ըլլայ Պըրնլիին: Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Արսենալ պիտի հիւրընկալէ Նոթինկհամ Ֆորեսթը, Չելսի` Լիվըրփուլը, իսկ Մանչեսթըր Եունայթըտ` Վուլվզը: Ախոյեանութեան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 19 մայիս 2024-ին:    

Խելայֆի-Սալահ Հանդիպում` Մարոքի Մէջ

Խելայֆի-Սալահ Հանդիպում` Մարոքի Մէջ

Փարիզ Սեն Ժերմենի նախագահ Նասեր Խելայֆի Մարոքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիվըրփուլի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահի հետ, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը: Թէեւ Սալահի պայմանագրութիւնը Լիվըրփուլի հետ իր աւարտին կը հասնի յունիս 2025-ին, սակայն Խելայֆի իր աշխուժ բանակցութիւնները կը շարունակէ շարք մը ֆութպոլիստներու, որոնց կարգին` Սալահի հետ: Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, փարիզեան կազմը կը փորձէ նաեւ ձեռք ձգել Մարքօ...

74 Տարեկան Սքոլարի Նշանակուեցաւ  Աթլեթիքօ Մինէյրոյի Մարզիչ

74 Տարեկան Սքոլարի Նշանակուեցաւ Աթլեթիքօ Մինէյրոյի Մարզիչ

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ, 74 տարեկան Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարի նշանակուեցաւ պրազիլական Աթլեթիքօ Մինէյրոյի մարզիչ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Սքոլարիի հետ Մինէյրօ ստորագրեց մէկուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը: Նշենք, որ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ Պրազիլ 2002-ի Մոնտիալին հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան:  

Ռուտի Կարսիա Նշանակուեցաւ  Նափոլիի Մարզիչ

Ռուտի Կարսիա Նշանակուեցաւ Նափոլիի Մարզիչ

Իտալիոյ ֆութպոլի նորընծայ ախոյեան Նափոլիի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ֆրանսացի փորձառու մասնագէտ Ռուտի Կարսիա նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ` փոխարինելով իտալացի Լուչիանօ Սփալեթթին: 59 տարեկան Կարսիայի վերջին ակումբն էր Սէուտական Արաբիոյ փոխախոյեան Նասըրը, ուրկէ ան հեռացաւ նախորդ ապրիլին: Նշենք, որ Կարսիա անցեալին փորձառութիւն ունեցած է պաշտօնավարելու Իտալիոյ մէջ, որովհետեւ եղած է Ա. Էս. Ռոմայի մարզիչը` 2013-էն 2016: Ան եղած է նաեւ...

Ուրուկուէյի Յաղթանակը` Պիելսայի  Յաղթական Նորամուտը

Ուրուկուէյի Յաղթանակը` Պիելսայի Յաղթական Նորամուտը

Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ Նիքարակուայի դէմ, արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հարաւային ամերիկեան խումբի գլխաւոր մարզիչ արժանթինցի Մարսելօ Պիելսա այսպիսով իր նորամուտը նշեց տպաւորիչ յաղթանակով մը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Մաթիաս Արեզօ (8-րդ), Ռոտրիկօ Զալազար (37-րդ եւ 82-րդ) եւ Պրայըն Ռոտրիկեզ (56-րդ): Նշենք, որ 28-րդ վայրկեանին Արեզօ փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել:  

Խորէն Բայրամեան Իր Պայմանագրութիւնը  Երկարաձգեց Ռոսթովի Հետ

Խորէն Բայրամեան Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Ռոսթովի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Խորէն Բայրամեան իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին` Ռոսթովի հետ, այս մասին յայտնեց ռուսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2025: Նշենք, որ «Թրանսֆերմարքթ»-ի համաձայն, ֆութպոլիստին փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 1,50 միլիոն եւրօ:  

Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը 1-1 Արդիւնքով Հաւասարութիւն Մը  Արձանագրեց Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Հետ

Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը 1-1 Արդիւնքով Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Հետ

Ռաֆայէլ Նազարեանի գլխաւորած կազմը` Հայաստանի 21 տարեկանէն վար տղոց ազգային հաւաքականը, որ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ իր հասակակիցներուն դէմ, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Մրցակից կազմը թէեւ 30-րդ վայրկեանին ինք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, սակայն 52-րդ վայրկեանին ամերիկեան Սիրաքուզի յառաջապահ Նիքոլա Կալուկեան նշանակեց հայրենի կազմին հաւասարութեան կոլը: Մրցումին տեւողութեան Նազարեան կատարեց եօթը փոփոխութիւն:

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Ինթեր Միլան-Մանչեսթըր  Սիթի Աւարտականի Մրցումը

Մխիթարեանի Փոխանցման Արժէքը Մնաց Անփոփոխ

«Թրանսֆերմարքթ»-ի նոր տուեալներուն համաձայն, որոնք աւելիով կեդրոնացած են Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասկարգին մէջ ելոյթ ունեցող ֆութպոլիստներուն վրայ, Ինթեր Միլանին մաս կազմող միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցման արժէքը մնացած է անփոփոխ 11 նոյեմբեր 2022-էն 15 յունիս 2023-ի ժամանակամիջոցին եւ կը կազմէ 6 միլիոն եւրօ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցման ամէնէն բարձր արժէքը եղած է 1 օգոստոս 2016-ին` 37...

Պաքու Պատրաստ Է Ընդունելու Հայաստանի Խումբը, Սակայն Անվտանգութեան Լրացուցիչ  Միջոցառումներ Չեն Նախատեսուիր

Պաքու Պատրաստ Է Ընդունելու Հայաստանի Խումբը, Սակայն Անվտանգութեան Լրացուցիչ Միջոցառումներ Չեն Նախատեսուիր

Ազրպէյճան պատրաստ է ընդունելու Հայաստանի նշանառութեան խումբը եւ ապահովելու հայ մարզիկներուն անվտանգութիւնը` Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան, այնպէս` ինչպէս մնացեալ մասնակիցները: Սակայն նշուեցաւ, որ Պաքուի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն համար անվտանգութեան ապահովման լրացուցիչ միջոցառումներ նախատեսուած չեն: Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Սէյրան Նիկողոսեան նշեց, որ ազրպէյճանական կողմին նամակ մը յղած է եւ անվտանգութեան երաշխիքներ ուզած, սակայն ցարդ պատասխան չէ ստացած: Նշենք,...

Ազգերու Լիկայի Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Վաղը` Խրուաթիա-Սպանիա  Աւարտականի Մրցումը

Ազգերու Լիկայի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Վաղը` Խրուաթիա-Սպանիա Աւարտականի Մրցումը

Նետերլանտներու մէջ տեղի ունեցող Ազգերու լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքը, վաղը` կիրակի, 18 յունիսին կը հասնի իր աւարտին, երբ ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) տեղի կ՛ունենայ աւարտականի մրցումը, Խրուաթիոյ եւ Սպանիոյ միջեւ: Կիսաւարտականի մրցումներուն, Խրուաթիա երկարաձգումէն ետք իր յաղթանակը արձանագրեց Նետերլանտներուն դէմ, 4-2 արդիւնքով (մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 2-2 արդիւնքով), մինչ երկրորդ մրցումին Սպանիա քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Իտալիոյ...

Page 285 of 1280 1 … 284 285 286 … 1,280

Արխիւներ