Աշխարհի կրկնակի ախոյեան, աւստրիական «Ռետ Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով աւարտեցաւ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Քանատայի կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2023-ի աշխարհի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց աշխարհի կրկնակի ախոյեան, «Ասթոն Մարթին»-ի սպանացի վարորդ Ֆերնանտօ Ալոնսօ, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց աշխարհի 7-ակի ախոյեան, «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Վերսթափեն 195 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը:
Մեքսիքացի Սերճիօ Փերեզ («Ռետ Պուլ») կը գրաւէ երկրորդ դիրքը (126 կէտ), մինչ 117 կէտով երրորդ դիրքը` Ալոնսօ:
Ինչ կը վերաբերի խումբերու դասաւորման, առաջինէն երրորդ դիրքերը յաջորդաբար կը գրաւեն «Ռետ Պուլ» (321 կէտ), «Մերսետես» (167 կէտ) եւ «Ասթոն Մարթին» (154 կէտ):
Ախոյեանութեան 10-րդ կրան փրին (ընդամէնը` 23 կրան փրի) տեղի պիտի ունենայ 2 յուլիսին: