Նետերլանտներու մէջ տեղի ունեցող Ազգերու լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքը, վաղը` կիրակի, 18 յունիսին կը հասնի իր աւարտին, երբ ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) տեղի կ՛ունենայ աւարտականի մրցումը, Խրուաթիոյ եւ Սպանիոյ միջեւ:
Կիսաւարտականի մրցումներուն, Խրուաթիա երկարաձգումէն ետք իր յաղթանակը արձանագրեց Նետերլանտներուն դէմ, 4-2 արդիւնքով (մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 2-2 արդիւնքով), մինչ երկրորդ մրցումին Սպանիա քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Իտալիոյ դէմ, 2-1 արդիւնքով:
Սպանացիներուն յաղթանակի կոլը 88-րդ վայրկեանին նշանակեց Էսփանիոլի 33 տարեկան յառաջապահ Խոսելու, որ դաշտ ներկայացած էր… 84-րդ վայրկեանին:


