Կիրակի, 18 յունիս 2023-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Տըպպայէի Մարինա շրջանին մէջ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս տարեշրջանի առաջին մրցաշարքը, («Թանիոս Միր»), որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի խումբը: Մասթըր դասակարգին, ինչպէս նաեւ Էլիթ դասակարգին մէջ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները հանդիսացան երրորդ:



