Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն յայտնեց, որ Շուէտի ողիմպիական կոմիտէն շուտով իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ` դառնալու համար 2030-ի ողիմպիականի խաղերուն հիւրընկալ երկիրը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Սթոքհոլմ դարձեալ պատրաստ է դառնալու այդ խաղերը հիւրընկալողը:
Անիկա 1912-ի ողիմպիականի խաղերը հիւրընկալելէ ետք ութ անգամ իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր, սակայն չէր յաջողած դառնալ հիւրընկալ քաղաքը:
Նշուեցաւ, որ Փարիզ-2024-ի ողիմպիական խաղերուն մեկնարկը տրուելէ առաջ, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն պիտի յայտարարէ 2030-ի ողիմպիականի հիւրընկալ քաղաքին անունը:
Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ թեկնածուներուն կարգին են Սափփորօ (Ճափոն) եւ Սոլթ Լէյք Սիթի (Միացեալ Նահանգներ):